2016-01-24 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Աղքատները աւետարանել Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աղքատները աւետարանել` այս է Յիսուսի առաքելութիւնը­, եւ է նաեւ Եկեղեցւոյ ու ամէն մէկ մկրտուած անհատի առաքելութիւնը։ Քրիստոնեայ ըլլալ եւ առաքեալ ըլլալ միեւնոյն իրականութիւնն է'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, Կիրակի 24 Յունուար 2016-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանած կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան առանցքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու  ներկայութեամբ։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը,  քաղուած Ղուկասի աւետարանէն, որ կը խօսի Յիսուսի առաքելութեան սկիզբի մասին, Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց թէ Յիսուս` տարբեր է Յովհաննէս Մկրտիչէն որ կը հռչակէր Աստուծոյ մօտալուտ դատաստանը, մինչ Յիսուս կը հռչակէ Հօր ներումն ու ողորմածութիւնը։ Յիսուսի վարդապետութիւնը տրուած է իշխանութեամբ։ Կը հրամայէ նոյնիսկ պիղծ ոգիներուն եւ կը հնազանդին իրեն''։  

Սրբազան Հայրը անդրադարձ կատարեց Յիսուսի Նազարէթ այցին ուր Ան ապրած էր երեսուն տարիներ ամբողջ. ''Այն ինչ որ հոն կը պատահի կարեւոր իրադարձութիւն մըն է եւ կը յատկանշէ Յիսուսի առաքելութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս Յիսուսի շաբաթ օրով ժողովարան կը մտնէ եւ օրուան ընթերցումը կը կարդայ, քաղուած Եսայի մարգարէէն ուր գրուած է ''Տիրոջ Հոգին վրաս է. Որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց` քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն, գերիներուն` աւետելու ազատութիւն, կոյրերուն աչքի լոյս, հարստահարուածներուն` ազատութիւն, եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին''։ Ապա պահ մը լռութենէն ետք Յիսուս կ՛ըսէ ''Այսօր, այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք` իրականացաւ'' (Ղուկ 4, 14-21)։

''Աղքատները աւետարանել` այս է Յիսուսի առաքելութիւնը եւ է նաեւ Եկեղեցւոյ ու ամէն մէկ մկրտուած անհատի առաքելութիւնը։ Քրիստոնեայ ըլլալ եւ առաքեալ ըլլալ միեւնոյն իրականութիւնն է։ Աւետարանը հռչակել խօսքով` բայց նախ եւ առաջ կեանքով` այս է քրիստոնեայ հասարակութեան ու անոր ամէն մէկ անդամի առաջնահերթութիւնը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հարց տուաւ ''Ի՞նչ կը նշանակէ աղքատները աւետարանել'' ու պատասխանեց ''կը նշանակէ մօտենալ անոնց, ծառայել անոնց, զանոնք ազատագրել գերութենէն ու այս բոլորը կատարել յանուն Քրիստոսի Հոգիին, որովհետեւ Ան է Աստուծոյ Աւետարանը, Ան է Աստուծոյ ողորմութիւնը, Ան է Աստուծոյ փրկութիւնը''։

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ Եսայի մարգարէին խօսքերը կը հռչակեն Աստուծոյ Արքայութեան մեսիկան պատգամը` որ մեր մէջ բնակեցաւ ու առանձնայատուկ կերպով կ՛ուղղուի մեկուսացեալին, բանտարկեալին ու գերիներուն, հուսկ հարց տուաւ եթէ այսօր մենք հաւատարիմ ենք Յիսուսի այս ծրագիրին, մեր ժողովրդապետութիւններուն, մեր ընկերակցութիւններուն ու մեր շարժումներուն մէջ եւ եթէ աղքատները ու անոնց աւետարանումը առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն մեր կեանքին մէջ։ ''Այս մէկը չի նշանակեր պարզապէս ընկերային օգնութիւն հասցնել անոնց այլ անոնց նուիրել Աստուծոյ Աւետարանի զօրութիւնը, որ սրտերը կը բարեփոխէ, վէրքերը կը դարմանէ ու մարդկային եւ ընկերային յարաբերութիւնները կը կերպարանափոխէ` սիրոյ տրամաբանութեան համաձայն։ ''Աղքատները արդարեւ Աւետարանի սիրտն են'' հաստատեց դարձեալ Ֆրանչիսկոս  Պապը ապա հայցեց Սուրբ Կողս Մարիամի բարեխօսութիւնը` աւետարանիչներու Մայր, որպէսզի մեզ օգնէ զգալու աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող Աւետարանի անօթութիւնն ու ծարաւը ու մեզմէ ամէն մէկուն համար ընդունի շնորհքը դառնալու Քրիստոսի` մեզի նուիրած ողորմութեան իսկական վկաները։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները բոլորին մաղթելով բարի կիրակի` ու ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.